Ամերիկեան պրենտաւորում, մոսկովեան տպագրութիւն, Գաւառի «գրանցում»․ Երեւանի մէջ անվճար տարածուող Wyoming Star թերթի հետքերը կը տանին դէպի Մոսկուա։ Անյայտ խմբագիրներ, կասկածելի հեղինակներ եւ չգրանցուած անհատ ձեռներէց․ Factor TV-ի ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ նախընտրական շրջանին յայտնուած թերթի ծագումը, տարածման մեխանիզմներն ու ենթադրեալ նպատակները։
Թերթին մէջ հրապարակուած բոլոր յօդուածները անստորագիր են եւ աչքի կը զարնեն ՀՀ իշխանութիւններու հասցէին քննադատական երանգներով։ Նիւթերէն մէկը կ’անդրադառնայ հայ արքեպիսկոպոսի ձերբակալութեան եւ կը պնդէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նախընտրական ճնշումներ կը գործադրէ ընդդիմութեան նկատմամբ։ Յօդուածներուն մէջ կը յիշատակուին տարբեր փորձագէտներ, սակայն անոնցմէ մի քանի հատին մասին իրական տուեալներ չեն յայտնաբերուած։
Այլ հրապարակում մը կը վերաբերի ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի Հայաստան այցին։ Յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կորսնուցած են ինքնուրոյնութիւնը եւ կը կատարեն Ուաշինկթընի հրահանգները։ Կը նշուի նաեւ, որ ԱՄՆ-ի հետ փոքր մոտուլային աթոմակայաններու կառուցման ծրագիրը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։
Թերթի վերջին էջին վրայ որպէս պատասխանատու նշուած է Վանիկ Շուքուրեանը՝ որպէս Գաւառի մէջ գրանցուած անհատ ձեռներէց, սակայն պետական գրանցամատեանին մէջ նման տուեալներով ձեռնարկատէր չէ յայտնաբերուած։ Factor TV-ի հետ զրոյցին Շուքուրեան ըսած է, որ թերթը Մոսկուայէն կու գայ, եւ ինք միայն կը թարգմանէ ու կը բերէ զայն Հայաստան։ Ան նաեւ նշած է, որ ֆինանսաւորումը կը կատարուի «արտերկրի մէջ ապրող հայերու» կողմէ, սակայն անուններ չէ նշած։
Wyoming Star-ը ունի նաեւ կայք, որ ստեղծուել է 2025 թուականի Փետրուարին։ Կայքին մէջ կը բացակային խմբագիրի, հիմնադիրի եւ իրաւաբանական տուեալներու մասին տեղեկութիւնները։ Յօդուածներու հիմնական հեղինակներ նշուած են Ճոյ Եանսը եւ Միշէլ Լարսենը, սակայն անոնց մասին վստահելի տեղեկութիւններ չեն յայտնաբերուած, իսկ կենսագրութիւնները, ըստ ուսումնասիրութեան, հաւանաբար ստեղծուած են արհեստական բանականութեամբ։
Factor TV-ի գնահատմամբ՝ թերթին հրապարակումները կառուցուած են նոյն գաղափարական առանցքին շուրջ՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը կորսնցուցած է ինքնուրոյնութիւնը, Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը վտանգաւոր է, իսկ Ռուսաստանէն հեռանալը կրնայ վնասել Հայաստանին։ Այս խօսոյթները նման են ռուսական դաշնային հեռուստաալիքներով տարածուող խօսոյթներուն։
Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ սա կրնայ դիտարկուիլ որպէս օտարերկրեայ տեղեկատուական ազդեցութեան օրինակ, երբ բովանդակութիւնը կը ներկայացուի որպէս «անկախ» կամ «միջազգային» աղբիւրէն եկող տեղեկատուութիւն՝ իրական աղբիւրը թաքցնելու նպատակով։

