20 Դեկտ. 2025-ին գրուած մեր «Համակարգէն անկա՞րգ» յօդուածը կը սկսէինք հետեւեալ խօսքերով. «Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն զգաստացած, աշխարհ ծարաւ էր խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու հաստատման… Գոյացաւ համակարգ մը, որ մինչ այժմ յաջողած է խափանել համաշխարհային բռնկումներ: Բայց վերջին տարիներուն ականատես ենք, որ այդ համակարգը քայքայման, եթէ կ’ուզէք՝ վերափոխման կամ անցումային ընթացքի մէջ է եւ վա՜յ այն օրուան երբ «համ»ը կը կորսնցնէ ու կը դառնայ անկարգ»:
5 օր առաջ, ԱՄՆ եւ Իսրայէլ յարձակում գործեցին Իրանի վրայ: Եւ արդէն 11 երկիրներ միջամուխ եղած են այս պատերազմին, որու ընթացքին հազարաւոր ռումբեր արձակուած են, հազարէ աւելի զոհեր եւ ահաւոր քանդումներ պատճառելով: Առայժմ յստակ չէ, որ ինչո՞ւ հիմա սկսաւ այս պատերազմը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ: Նոյնիսկ ԱՄՆ-ի կառավարական պատասխանատուներ տարբեր կարծիքներ կը յայտնեն, երբեմն նոյնիսկ հակասելով զիրար, որ մտածելու առիթ կու տայ, որ ի՞նչ բան կը քօղարկուի եւ կամ «շան գլուխը ո՞ւր թաղուած է»: Հետեւաբար, անորոշութիւն մը կը ստեղծուի, թէ որքա՞ն կրնայ տեւել այս պատերազմը եւ ի՞նչ լուծման պիտի յանգի:
Շատ կանուխ է մեր այս հարցումներուն պատասխանները գտնելը, բայց մենք «տաքը տաքին» այստեղ նշենք մեր տեսակէտը: Վերեւ նշած մեր յօդուածին մէջ նաեւ կը գրէինք. «Կախեալ ըլլալ մենատէրի մը քմահաճոյքէն, կը նշանակէ վերադառնալ անտառի օրէնքին, ուր ուժն է գերիշխողը եւ իրաւունքը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դժբախտաբար այս իրականութեան է, որ ականատես կ’ըլլանք վերջին տարիներուն, որ մեզ մեծապէս կը մտահոգէ»: Մեր համեստ կարծիքով, այստեղ ունինք ոչ թէ մէկ, այլ երկու մենատէր, որոնց քմահաճոյքը մեծ դեր ունի այս պատերազմի բռնկման մէջ՝ Պէնյամին Նաթանեահու եւ Տանըլտ Թրամփ: Երկու խնդրայարոյց մենատէրեր, որոնք ամէն ջանք կ’ընեն խնդիրներ ստեղծելու, որպէսզի արգելակեն խաղաղ պայմաններու մէջ իրաւապահ մարմիններու սպասելի որոշումները իրենց յանձագործութեանց համար: Առաջինը՝ Նաթանեահուն, մեղադրուած է եղծումի (corruption) երեք տարբեր գործերով՝ կաշառակերութեան, խարդախութեան եւ վստահութեան չարաշահման մէջ, ինչ որ իրեն կը դարձնէ Իսրայէլի առաջին գործող վարչապետը, որ կանգնած է դատարանի առջեւ: Իսկ երկրորդը՝ Թրամփը, կը ջանայ իրմէ վրիպեցնել մանկապիղծ Ճէֆրի Էփսթայնի արխիւներուն մէջ իր մասին եղած հազարաւոր նշումները: Ոչ միայն այդ, այլ շնորհիւ նախագահ ընտրուելուն, իր դէմ յարուցուած դաշնային (federal) քրէական չորս գլխաւոր գործերը կասեցուած կամ կարճեցուած են, մինչ քաղաքացիական ֆինանսական դատական որոշումները եւ նահանգային մակարդակի (state level) խնդիրները կը շարունակուին ու խաղաղ պայմաններու մէջ սպառնալիք են իրեն:
Առայժմ կ’ըսուի, որ այս պատերազմը կրնայ շաբաթներ տեւել: Կրնա՞ք երեւակայել, որ այդ պարագային յաւելեալ ի՜նչ զոհերու եւ աւերածութիւններու պատճառ պիտի դառնայ: Արդէն խօսք կայ, որ Ռուսիան ալ կրնայ ընդգրկուիլ այս պատերազմին մէջ եւ կը սպառնայ գործածել աթօմական զէնքեր: Նոյնիսկ կը լսենք, որ կարգ մը միլիարդատէրեր, համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը գործելիք աւերներէն խուսափելու համար, յարմար պատսպարաններ կը պատրաստեն իրենց համար: Այս բոլորին մէջէն ո՞վ շահաւոր կրնայ ելլել: Վերադառնանք Դեկտեմբերին գրած մեր յօդուածին եւ վերջին մէջբերում մը ընենք հոնկէ. «Մեր համեստ կարծիքով, առայժմ այս զարգացումները կ’ընթանան ի նպաստ Չինաստանի, որ կը դիտէ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան հիւծումը, կը սպասէ որ ԱՄՆ-ը աւելի մխրճուի Ռուս-Ուքրանական պատերազմին մէջ, յարմար առիթ ստեղծելով իրեն համար, որ գրաւէ Թայուանը»: ԱՄՆ-ին մխրճուիլը այս պատերազմին մէջ, աւելի կը բարդացնէ համաշխարհային իրավիճակը:
Զարգացող վտանգաւոր իրավիճակին առաջքը առնելու համար, հանդարտ ուղեղներ պէտք է գործի լծուին: Արդէն կը լսենք կարգ մը ձայներ, որ ինչո՞ւ ԱՄՆ-ը սկսաւ այս պատերազմը եւ ի՞նչ է Իսրայէլի դերը ասոր մէջ: Յուսանք այդ ձայները շուտով աւելի ազդեցիկ կը դառնան, որ «համ»ը ամբողջութեամբ չկորսուի ու չդառնայ անհամ ու անկարգ:


