Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «X»-ի էջով գրառում կատարած է՝ ընդգծելով, որ 110 տարի առաջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Այսօր՝ Ապրիլ 24-ին՝ ոգեկոչման ազգային օրը, յիշենք բոլոր զոհերը եւ կենդանի պահենք անոնց յիշատակը։ Շարունակենք գործել Մարդկութեան անունով յանուն Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան»,- գրած է ան։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մաքրոն գրառումը կատարած է հայերէն: