Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նախագահ Թրամփի Յայտարարութիւնը Կորսուած Առիթ Մը Եղաւ` Ցեղասպանութեան Ժխտումին Վերջ Տալու

Նախագահ Թրամփի Յայտարարութիւնը Կորսուած Առիթ Մը Եղաւ` Ցեղասպանութեան Ժխտումին Վերջ Տալու

by MassisPost

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ապրիլ 24, 2025 թուականի յայտարարութիւնը, որուն նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշելն էր, խիստ յուսախաբեցնող ձախողում մըն էր՝ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու եւ ցեղասպանութեան ժխտման մշտական չարիքին դէմ համարձակօրէն կանգնելու հարցով, ըստ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուղղակի եւ յստակօրէն ճանաչելու ձախողումը, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնավարութեան ընթացքին պատմական եւ բարոյապէս քաջարի քայլ մը առաւ եւ ճանչցաւ զայն, խորապէս մտահոգիչ է», ըսաւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան։ «Ճշմարտութենէն այս ետքայլը ոչ միայն յետադիմական քայլ մըն է, այլեւ ազդանշան մըն է բռնապետական վարչակարգերուն, թէ պատմութեան խեղաթիւրումը ընդունելի է։ Ցեղասպանութիւն մը ժխտուած՝ արդարութիւն մը շարունակուող կերպով խախտուած է»:

2021 թուականին, Նախագահ Ճօ Պայտըն խզեց տարիներով շարունակուած դիւանագիտական խուսափողականութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչցաւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը որպէս ցեղասպանութիւն։ Իր յայտարարութիւնը բեկումնային կէտ մըն էր ԱՄՆ-ի բարոյական առաջնորդութեան եւ համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։ Մինչդեռ Նախագահ Թրամփի 2025-ի յայտարարութիւնը վերադարձ է մշուշոտ լեզուին՝ գործածելով «Մեծ Եղեռն» հայկական արտայայտութիւնը՝ դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառէն։ Այս դիտումնաւոր անորոշութիւնը վտանգաւոր ուղերձ մըն է եւ քաջալերանք մըն է վարչակարգերուն, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի, շարունակելու յարձակողական քաղաքականութիւն՝ անպատիժ:

«Այս մէկը բառախաղ կամ քաղաքական նրբութիւն չէ — այս մէկը կեանքի ու մահու հարց մըն է», շեշտեց Խաչատուրեան։ «Ատրպէյճանի բռնապետութիւնը անդադար պատերազմ կը վարէ հայերուն դէմ, հազարաւոր կեանքեր խլելով, ամբողջ Արցախեան բնիկ հայ բնակչութիւնը տեղահանելով, եւ շարունակելով իր անօրինական բռնագրաւումը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն »:

Ատրպէյճանի վարչակարգին մարդու իրաւունքներու խախտումները շարունակական եւ փաստագրուած են. հայ գերիները կեղծ դատավարութիւններու ենթարկուած են, ազգային ատելութիւնը քաղաքական շահի համար զէնքի վերածուած է, իսկ հայատեացութիւնը պետական քաղաքականութիւն դարձած է։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը ատելութիւն կը հրահրէ, ռասիստական քարոզչութիւն կը տարածէ եւ հայ ժողովուրդը մեղաւոր կը ներկայացնէ իշխանութիւնը պահելու եւ իր ներքին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով։

1981-ին, Նախագահ Րոնալտ Ռէկըն այն յստակութիւնը տուած էր, որ այսօր ալ հոյժ անհրաժեշտ է. «Ինչպէս՝ հայերուն ցեղասպանութիւնը… Հոլոքոսթի դասերը պէտք չէ երբեք մոռացուին»: Թրամփի ձախողումը՝ այդ ժառանգութիւնը պահպանելու, ոչ միայն բացթողում մըն է,  այլ բարոյական ձախողում մը այն պահուն, երբ սկզբունքային արարքը առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է:

Սպիտակ Տան Յայտարարութիւնը Ամբողջութեամբ

Նախագահական Պատգամ՝ Հայոց Յիշատակի Օրուան Առթիւ
Այսօր կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնը եւ կը պատուենք այն հրաշալի հոգիներու յիշատակը, որոնք տառապեցան 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի աղէտներէն մէկուն ընթացքին։ Սկսեալ 1915-էն, մէկ ու կէս միլիոն հայեր աքսորուեցան եւ մահուան երթի ենթարկուեցան Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Այս Յիշատակի Օրով, նորոգ միանանք Ամերիկայի եւ Աշխարհի Հայ Համայնքներուն՝ սգալու այն բազմաթիւ կեանքերը, որոնք կորսուած են։

Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, կը յիշենք ամերիկեան եւ հայկական ժողովուրդներու ամուր եւ յարատեւ կապերը։ Մենք հպարտ ենք Հայկական եւ Սիրիացի Օգնութեան Ամերիկեան Յանձնախումբով, որ 1915-ին ստեղծուած էր եւ կարեւոր մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրած էր հայ գաղթականներուն։ Մենք երախտապարտ ենք հազարաւոր ամերիկացիներուն, որոնք աջակցած են կամ կամաւոր եղած՝ օգնելու իրենց տուներէն վտարուած հայերուն։

Այս օրով, կը վկայենք հայ ժողովուրդի ուժին եւ տոկունութեան՝ դժբախտութեան դիմաց։ Մենք բախտաւոր ենք, որ անոնք բերած են իրենց հարուստ մշակոյթը մեր ափերը, եւ մեծ նպաստ բերած՝ մեր երկրին՝ ներառեալ զօրավարներ, նշանաւոր արուեստագէտներ, ճարտարապետներ եւ յաջողած գործարարներ։

Մինչ կը պատուենք կորսուածներու յիշատակը, իմ վարչակազմս կը շարունակէ իր նուիրուածութիւնը՝ կրօնական ազատութիւններու պահպանման եւ խոցելի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան։ Մենք անհամբեր ենք շարունակելու մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ, եւ պահպանելու տարածաշրջանային կայունութիւնը՝ ի սպաս երկարատեւ բարգաւաճման եւ անվտանգութեան։
Ապրիլ 24, 2025

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment