Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ծաղկեպսակ Դրած Է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշակոթողին

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ծաղկեպսակ Դրած Է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշակոթողին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Մեծ եղեռնի 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին:

նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է յուշակոթողին, ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Յաջորդիւ վարչապետը երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր բացուած է «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած Մեծ եղեռնի 110-րդ տարելիցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment