Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թող Խաղաղութեամբ Հանգչին Հայոց Ցեղասպանութեան, Անարդարութեան Եւ Յարձակման Զոհերը Աշխարհի Վրայ. Լիբանանի Նախագահ

Թող Խաղաղութեամբ Հանգչին Հայոց Ցեղասպանութեան, Անարդարութեան Եւ Յարձակման Զոհերը Աշխարհի Վրայ. Լիբանանի Նախագահ

by MassisPost

Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն ուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով՝ ընդգծելով, որ այդ իրադարձութիւնը ոչ միայն պատմական ցաւալի ողբերգութեան յիշեցում է, այլեւ արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ Լիբանանի յանձնառութեան հաստատում:

«Այդ յիշեցում է աշխարհին բռնութեան, ծայրահեղականությեան եւ մեկուսացման բոլոր ձեւերու դէմ կանգնելու կարեւորությեան մասին»,- ըսած է Աուն:

Աուն վերահաստատած է Լիբանանի անսասան համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին հետ՝ այս սկզբունքները պահպանելու համար անոր խաղաղ պայքարին մէջ։ Ան նաեւ բարձր գնահատած է ծագումով հայ Լիբանանի քաղաքացիներուն ներդրումը՝ ընդգծելով անոնց երկարամեայ եւ կառուցողական դերը Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ:

«Անոնք միշտ եղած են Լիբանանի բազմազան եւ առատօրէն միահիւսուած ինքնութեան անբաժանելի մասը»,- ըսած է Աուն:

Եզրափակելով իր յայտարարութիւնը նախագահը ըսած է. «Թող խաղաղութեամբ հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, անարդարութեան ու յարձակման բոլոր զոհերը ամբողջ աշխարհի վրայ։ Թող Աստուած պահապան ըլլայ Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին բոլոր չարիքներէ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment