Home Uncategorized Հայաստանը Կրնայ Զրկուիլ ԵԱՏՄ-ի Արտօնութիւններէն․ ՌԴ ԱԳ Փոխնախարար

Հայաստանը Կրնայ Զրկուիլ ԵԱՏՄ-ի Արտօնութիւններէն․ ՌԴ ԱԳ Փոխնախարար

by MassisPost

Մոսկուան մտահոգուած է Եւրոմիութեան միանալու Երեւանի ձգտումներով։

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօն՝ նշելով, որ Հայաստանը կրնայ կորսնցնել ԵԱՏՄ-ի առաւելութիւնները, եթէ «Արեւմուտքը զայն ներքաշէ իր աշխարհաքաղաքական խաղերուն մէջ»։

«Բնականաբար, Հայաստանի՝ ԵՄ-ին միանալու ձգտումները մտահոգիչ են, քանի որ նման ձգտումները անհամատեղելի են այս երկրի՝ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան հետ, եւ մենք այս մասին կը խօսինք հայ գործընկերներուն հետ մեր բազմաթիւ շփումներու ընթացքին:

«Յայտնի է, որ ԵԱՏՄ-ի անդամակցությեան շնորհիւ Հայաստանը յարաշարժ կը զարգանայ,  տնտեսական աճ կը նկատուի Երեւանի համար բոլոր կարեւոր ոլորտներուն մէջ։ Եւ սա հսկայական շահ է, որ Հայաստանը կրնայ կորսնցնել, եթէ Արեւմուտքը զայն ներքաշէ իր աշխարհաքաղաքական խաղին մէջ՝ փորձելով պոկել Հայաստանը Ռուսաստանէն եւ այլ բնական դաշնակիցներէն»,- նշած է դիւանագէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment