Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Կ’ըսենք՝ Ինչո՞ւ Կ’ուշանայ Արդարադատութիւնը. Այն Ոչ Թէ Կ’ուշանայ, Այլ Տեղ Չի Հասնիր. Փաշինեան

Մենք Կ’ըսենք՝ Ինչո՞ւ Կ’ուշանայ Արդարադատութիւնը. Այն Ոչ Թէ Կ’ուշանայ, Այլ Տեղ Չի Հասնիր. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է Արդարադատութեան նախարարութեան կազմակերպած «Արդարադատութիւնը որպէս արդարութեան հասնելու գործիք» խորագրով համաժողովին:

Միջոցառման ծիրին մէջ քննարկուած են արդարադատութեան իրականացման արդի մարտահրաւէրներու, դատական համակարգի արդիւնաւէտութեան, անոր նկատմամբ հանրային վստահութեան բարձրացման, իրաւական բարեփոխումներու ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ խափանման միջոցներու կիրառման հարցերը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան ապահովման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնախնդիրներուն:

Քննարկման առաջին մասին մէջ անդրադարձ կատարուած է դատարաններուն մէջ գործերու քննութեան ողջամիտ ժամկէտներու պահպանման մարտահրաւէրներուն, ոլորտային բարեփոխումներու ազդեցութիւնը արդարադատութեան իրականացման արդիւնաւէտութեան եւ ժամկէտներու վրայ, իրաւապահ մարմիններու վարոյթային գործողութիւններու արագութեան յարաբերակցութիւնը դատական քննութեան ժամկէտներու հետ, դատական պաշտպանութեան իրաւունքի եւ արդարադատութեան արագութեան յարաբերակցութիւնը դատավարական չարաշահումներու ծիրին մէջ:

Վարչապետը պատասխանած է հանդիսավարի այն հարցումին, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ ՀՀ կառավարութեան դերակատարութիւնը եւ դատական իշխանութեան տարբեր դերակատարներու պատասխանատուութիւնը՝ ՀՀ քաղաքացիներուն ժամանակին եւ արդիւնաւէտ արդարադատութիւն տրամադրելու հարցով:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է քննարկումը եւ քիչ մը ուշացած համարած է. «Այսինքն՝ լաւ կը լինէր այս ընթացքում մի քանի անգամ քննարկած լինէինք այս հարցերը: Կարծում եմ՝ հարցադրման հիմքում ընկած պատճառներից մէկը նաեւ այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում արդարադատութեան եւ սահմանադիրի՝ ժողովրդի միջեւ, այնուամենայնիւ, որոշակի խզում կայ, ընդ որում՝ ե՛ւ կառուցակարգային, ե՛ւ բովանդակային: Ինչո՞ւ ենք մենք ասում, կամ ինչո՞ւ կայ այս հարցադրումը՝ արդեօք արդարադատութիւնը եւ արդարութիւնը նոյն բանն են, կամ արդեօք պիտի լինեն նոյնը։ Մեծ հաշուով, երբ փորձում ենք այս հարցը բաղդատել, տեսնում ենք, որ իրականում խնդիր կայ հէնց ինքնին ձեւակերպման մէջ, բայց կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչն է պատճառը, որ նման ձեւակերպում եւ հարցադրում մեր իրականութեան մէջ կարող է գոյութիւն ունենալ։ Ես կարծում եմ՝ դրա պատճառներից մէկն այն է, որ Հայաստանում արդարադատութիւնը հասկանալի չէ շատերին»։
Վարչապետին դիտարկմամբ՝ հանրութեան շրջանակին մէջ առկայ է նաեւ արդարադատութեան լեզուի հետ կապուած խնդիր. իրաւաբանական հանրութիւնը ինչ-որ պահէ կը սկսի օգտագործել այն բառապաշարը, որ քաղաքացիներուն մեծամասնութեան հասանելի եւ հասկնալի չէ: «Մենք ասում ենք՝ ինչո՞ւ է ուշանում արդարադատութիւնը. արդարադատութիւնը ոչ թէ ուշանում է, այլ տեղ չի հասնում: Ինքն անընդհատ գործընթաց է, այն չի հանգուցալուծւում: Առկայ են նաեւ ներքին՝ իրաւաբանական խօսոյթներ. առանձին ընկալումներ եւ պատկերացումներ կան, քննչական օղակում՝ առանձին պատկերացումներ, դատախազական օղակում՝ առանձին, դատաւորական օղակում՝ առանձին»,- նշած է երկրին ղեկավարը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութեան միակ աղբիւրը ժողովուրդն է եւ հետեւաբար՝ ժողովուրդը պէտք է նաեւ հնարաւորութիւն ունենայ հասկնալու, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ իր ստեղծած հիմնարկներուն հետ, ինչպէս այդ հիմնարկները կ’աշխատին, ինչ նպատակ կը հետապնդեն, ինչ արդիւնք կ’առաջացնեն:

Վարչապետին կարծիքով՝ ժողովուրդի եւ երկրին մէջ հաստատուած իրաւակարգին միջեւ առկայ է կենսագործնական կապի խնդիր: «Իմ գնահատականը եղել եւ շարունակում է մնալ այն, այս ընթացքում ես միայն համոզուել եմ դրանում, որ այդ իրաւակարգի ճեղքը կախուած է եւ կապուած է նաեւ նրա հետ, որ, ըստ էութեան, բոլոր սահմանադրական հանրաքուէներում եղել է որոշակի հանրային ընկալում եւ համոզմունք, որ, այնուամենայնիւ, սահմանադրական հանրաքուէների պաշտօնապէս արձանագրուած արդիւնքները չեն արտայայտում կամ ճշգրիտ չեն արտայայտում ժողովրդի կամքը։ Ես դրա մասին շատ խօսում եմ, հիմա տարբեր տեղերում՝ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը ներկայացնելիս»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ յաւելելով, որ ասոնք հարցեր են, որոնց մասին պէտք է մտածել, եւ նման շեշտադրումներով քննարկումներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ երկրին մէջ այդ առումով դեռ ցանկալի կէտին չենք հասած:

Համաժողովի քննարկման երկրորդ մասին մէջ անդրադարձ կատարուած է խափանման միջոցներու կիրառման եւ արդարացման վերաբերեալ դատական արձապագրութիւններու ազդեցութիւնը դատական համակարգի անկախութեան ընկալման վրայ, մեղադրանքներու եւ խափանման միջոցներու ընտրութեան գործընթացներուն մէջ հանրային եւ մասնաւոր շահերու հաւասարակշռման վարոյթներու հանրային վերահսկողութեան եւ հաշուետուողականութեան մակարդակի բարձրացման գործին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դերին:

Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment