Ընդդիմութիւնը ամէն ինչ ըրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը դուրս գայ Լեռնային Ղարաբաղէն:
Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեան։
«Ամէն ինչ արել են, որ դուրս գան ԼՂ-ից, որ այստեղ փորձեն ԼՂ մեր քոյրերին ու եղբայրներին օգտագործել ցոյցի առարկայ։ Մենք դա թոյլ չենք տալու»,- ըսած է ան։
Ալեքսանեանի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի քոյրերուն ու եղբայրներուն ընդդիմութիւնը «կ’օգտագործէ ու կը շահագործէ», եւ այդ գաղտնիք չէ, բայց արցախցիներն ալ թոյլ չեն տար, որ ընդդիմութիւնը օգտագործէ զանոնք։
Պատգամաւորը նաեւ նշած է՝ կան շարք մը լրատուամիջոցներ, որոնք յստակ կ’ընտրեն եւ կը լուսաբանեն աւելի յուզական խօսքով արցախցիները, ու յետոյ այդ խօսքերը կ’օգտագործուին ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ: