Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանը բաւարարած է Դատախազութեան բողոքը, բեկանած է Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ Հայաստանի երրորդ նախագահին Սերժ Սարգսեանի եւ միւսներու արդարացման վերաբերեալ դատական հայցը ու գործն ուղարկած է նոր քննութեան:
Աւելի քան չորս տարուայ դատավարութենէն յետոյ դատարանը արդարացուցած էր Հայաստանի երրորդ նախագահը՝ հերքելով Դատախազութեան մեղադրանքը, թէ նախագահութեան տարիներուն Սերժ Սարգսեանը կազմակերպած է պետական պիւտճէէն մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւնը։
Գլխաւոր դատախազութիւնը բողոքարկած էր Սերժ Սարգսյանի արդարացման որոշումը Հակափտածութեան վերաքննիչ ատեան:
Դատախազութիւնը կը պնդէր՝ 2013 թուականին գիւղացիներուն մատչելի վառելանիւթով ապահովելու ծրագրի մրցոյթը շահած էր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մտերիմ գործարար Բարսեղ Բեգլարեանի «Ֆլեշ»-ը, որ, ի տարբերութիւն յայտ ներկայացուցած միւս երկու ընկերութիւններուն, ամենաբարձր գինը առաջարկած էր։
Դատարանը, սակայն, որոշած էր, որ տարիներ առաջ կատարուած գործարքը եղած է օրինական։