Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուբինեան-Կալուզին Հեռախօսազրոյց Կայացած Է. Քննարկուած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցեր

Ռուբինեան-Կալուզին Հեռախօսազրոյց Կայացած Է. Քննարկուած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցեր

by MassisPost

Ապրիլ 18-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նպաստել Երեւանի եւ Անքարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, քանի որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կարեւոր գործօն է Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ զարգացման համար։

Ռուբինեան տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ոլորտի վերջին զարգացումներուն մասին։

Քննարկուած են նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ փոխգործակցութիւնը, այդ շարքին՝ «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, գումարած Ռուսաստան, Իրան, Թուրքիայ) շրջանակին մէջ։

Կարծիքներու փոխանակումը տեղի ունեցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment