Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Խարխլած Է Ռուսաստանի Մենաշնորհը Հայաստանը Սպառազինելու Հարցով․ Reuters

Հնդկաստանը Խարխլած Է Ռուսաստանի Մենաշնորհը Հայաստանը Սպառազինելու Հարցով․ Reuters

by MassisPost

Հնդկաստանը Ռուսաստանը դուրս կը մղէ զէնքի շուկայէն եւ արդեն իսկ խարխլած է Ռուսաստանի մենաշնորհը Հայաստանը սպառազինելու հարցով, կը գրԷ «Reuters» գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան՝ յաջողութեան առաջին օրինակներէն մէկը Հայաստանն է: «Սթոքհոլմի խաղաղությեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի   տուեալներուն  համաձայն՝ 2022-2024 թուականներուն վաճառուած է Հայաստանի ներկրած զէնքին 43 տոկոսը՝ 2016-2018 թուականներու գրեթէ զրոյական ցուցանիշի համեմատ»,- կը գրէ «Reuters»-ը։

«Հնդկաստանը յատկապէս կը թիրախաւորէ այն կառավարութիւնները, որոնք երկար ժամանակ կ’ապաւինէին Ռուսաստանէն զէնքի մատակարարման»,- յայտնած են երկու աղբիւրները: Հնդկաստանի ծրագրերը, որոնց մասին «Reuter»s-ին յայտնած է 15 մարդ, եւ որոնց մասին նախապէս չէ հաղորդուած, կը վկայեն օտարերկրեայ գնորդները ներգրաւելու եւ ֆինանսաւորելու կառավարութեան աննախադէպ ջանքերուն մասին, քանի որ աշխարհը կը վերազինուի, իսկ երկարատեւ աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւնները՝ կը վերակառուցուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment