Սլովենիոյ արտաքին գործերու նախարար Թանիա Ֆայոն յայտնած է, որ Լիւպլյանան մեծապէս կը գնահատէ խաղաղութեան ուղղուած Հայաստանի ջանքերը՝ յոյս յայտնելով, որ խաղաղութեան շուրջ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ համաձայնագրի ստորագրումը շատ չ’ուշանար։
Սլովենիոյ արտաքին գործերու նախարար Թանիա Ֆայոն այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին՝ անդրադարձ կատարելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ ընթացող գործընթացներուն։
«Մենք մեծապէս կը գնահատենք խաղաղութեան ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, խաղաղութեան օրակարգը։ Շատ ուրախ եմ, որ այսօր այս տարածաշրջանին մէջ այնպիսի իրավիճակ է, երբ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կարեւորագոյն քայլի առջեւ կանգնած են՝ կանոնակարգելու երկկողմ յարաբերութիւնները։ Ես կը գնահատեմ այն մեծ աշխատանքը, որ Հայաստանը կը կատարէ այս խաղաղութեան նախաձեռնութեան մէջ, քանի որ խաղաղութիւնը օգտակար է տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր կողմի համար։ Մենք կը քաջալերենք եւ կ’ողջունենք խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի բնագրի ամփոփումը։ Յուսանք, որ ստորագրումը շուտով կ’ըլլայ, եւ լարուածութիւնը կը նուազի այս տարածաշրջանին մէջ»,- նշած է Սլովենիոյ արտաքին գործերու նախարարը։
Ան յաւելած է, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը ընդհանուր տարածաշրջանին համար դրական զարգացումներու պիտի յանգեցնէ։