Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Գերմարտայրաւէրները. Դասախօս` Դեսպան Արմէն Բայբուրդեան

Հայաստանի Գերմարտայրաւէրները. Դասախօս` Դեսպան Արմէն Բայբուրդեան

by MassisPost

Աւելի քան կէս դարէ ի վեր Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքը դարձած է միջազգային քաղաքական շրջանակներու կիզակէտը, որմէ անբաժան չէ նաեւ հայութիւնը, պատճառ դառնալով մասնակի ու զանգուածային տեղափոխուիւթններու եւ արտագաղթի: Այս բոլորին առընթեր` երեք տասնամեակներէ ի վեր, Հայաստան իր դրացիներուն հետ ունի տարածաշրջանային բարդ խնդիրներ, որոնք կը կարօտին բարենպաստ լուծումներու:

Վերոյիշեալ հարցերու առնչութեամբ` Լոս Անճելոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը նախաձեռնած էր հրապարակային շահեկան դասախօսութիւն մը հրաւիրելով նախկին հիւպատոս մեծայարգ դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը:

Արդարեւ, սոյն միջոցառումը` տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի, Ապիրլի 10-ին, 2025, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ: Ներկայ ընտրեալ հասարակութեան կողքին կը տեսնուէին նաեւ Լոս Անճելոսի Հայաստանի աւագ հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանը, ինչպէս նաեւ նախկին հիւպատոս Արմէն Մելգոնեանը, թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք.-ի ներկայացուցիչ` Արժ. Տ Նժդեհ Քհնյ. Քէշիշեանը եւ ուրիշներ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան անունով` օրուան հանդիսավարուհի Լիլիթ Քէհէեան, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկայ հասարակութիւնն ու հիւր անձնաւորութիւնները: Այնուհետեւ, անցնելով յայտագրին` նախ տեղի ունեցաւ երաժշտական ունկնդրութիւն մը կատարողութեամբ ծանօթ երաժիշտ, երգիչ եւ կիթառիստ Ժիրայր Պասմաճեանի: Իր կատարմամբ ներկաներն ունկնդրեցին դասական զոյգ գործեր: Ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» մշակութային միաւորի ատենապետ` Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան: Ան հագամանօրէն ներկայացուց օրուան դասախօս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հարուստ կենսագրութիւնը: Առանձնապէս շետշտելով մօտաւոր անցեալի իր աշխոյժ գործունէութիւնը դիւանագիտական մարզէն ներս, որպէս հիւպատոս, դեսպան եւ պետական այլ բարձր պաշտօններու նուիրեալ գործիչ (Հնդկաստան, Եւրոպա, ԱՄՆ եւ այլուր):

Վսեմաշուք դեսպան Արմէն Բայբուրեդան` իր դասախօսոպւթիւնն սկսաւ մեծ Եղեռնէն ետք« յաջորդող տարիներուն, պատմական Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումներով ու առկայ գերխնդիրիներով: Ա. Բայբուրդեան անդրադառնալէ ետք շրջանին մէջ անկախութիւն ստացած երեք երկիրներու (Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան) եւ անոնց հետ առնչուած դաշիքներուն, նշեց որ ռուսական բանակի հեռացումը` իր ժխտական անդրադարձն ունեցաւ մեր պատմական հողերու ճակատագրին վրայ:

Յարգելի բանախօսը` յետադարձ հայեացքով մը, բացայայտեց Արեւելեան Եւրոպայի ու Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած յարափոփոխ կացութիւնը: Յատկապէս` ՆԱԹՕ-ի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ եւ այլոց շրջանէն ներս տիրակալութիւն հաստատեու հարցը, Արցախի հիմնախնդրի ներգրաւուածութիւնը, Ատրպէյճանի ցեղապաշտ եւ ժխտողական քաղաքկանութիւնը: Արդարեւ, Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, նմանապէս Կազայի պատերազմն ու Իսրայէլի կեցուածքը` առաւել եւս բարդացուցած են շրջանի հիմնախնդիրները:

Միւս կողմէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները, բոլոր բնագաւառներու մէջ, բնականոն դարձնելու համար` Թուրքիոյ առաջարկած 9  կէտերէ բաղկացեալ պայմաններու գործադրութիւնը (ցեղասպանութիւն եւ յարակից հարցեր), որոնք կը կարօտին լուրջ վերատեսութեան:

Սոյն շահեկան դասախօսութեան աւարտին` Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելոսի ատենապետ` Յովսէփ Մելգոնեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին, հայ ժողովուրդը յուզող եւ միջազգային քաղաքական շրջանակները մտահոգող իր բանիմաց եւ խորաթափանց ելոյթին համար: Ապա` յուշանուէրով մը պարգեւատրեց զինք:

Հիւսիային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ներկայացնող Արժ. Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քէշիշեան, Սրբազանի անունով` շնորհաւորեց ԹՄՄ-ի վարչութիւնն ու դեսպան Արմէն Բայբուրդեանը, սոյն օգտաշատ ձեռնարկին համար, մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ:

Աւարտին` տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյցներ օրուան նիւթին շուրջ: Ներկաները սրահէն բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւներով, պատմա-վաւերագրեան տեղեկութիւններով յագեցած սոյն դասախօսութենէն:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment