Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 4,2 Միլիառ Տոլարը Օդէ՞ն Ինկաւ. Փաշինեանը ԱԺ-ի Մէջ Ներկայացուցած Է Յետյեղափոխական Տարիներու Պիւտճէի Յաւելեալ Մուտքերը

4,2 Միլիառ Տոլարը Օդէ՞ն Ինկաւ. Փաշինեանը ԱԺ-ի Մէջ Ներկայացուցած Է Յետյեղափոխական Տարիներու Պիւտճէի Յաւելեալ Մուտքերը

by MassisPost

2018 թուականի ժողովրդական ոչ-բռնի թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ միայն 2024 թուականի արդիւնքներով ՀՀ պետական պիւտճէի եկամուտները աւելի քան կրկնապատկուած են՝ աւելնալով 1,3 թրիլիոն դրամով, սա այսօրուայ փոխարժէքով աւելի քան 3,3 միլիառ տոլար է:

Ազգային Ժողովին մէջ 2024 թուականի պիւտճէի կատարողականը ներկայացնելու ատեն այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«2018 թուականի յեղափոխութիւնը պիւտճէի աճին նոր կշռոյթ է տուել: Բոլոր միջինացուած թիւերը հանած՝ միայն յեղափոխութեան բերած կշռոյթի շնորհիւ ՀՀ պետական պիւտճէ 2018-2024 թուականը լրացուցիչ մուտք է եղել աւելի քան 1 թրիլիոն 684 միլիառ դրամ կամ 4,2 միլիառ տոլար»,- մանրամասնած է ան ու նշած, որ սա այն գումարն է, որ պետական պիւտճէ մուտք եղած է նախորդող շրջանի 2011-2017 թթ. պիւտճէի աճի միջինացուած թիւերէն աւելի:

Ըստ վարչապետին՝ բերելով ընդհանրական պատկերի՝ յետյեղափոխական տարիներու ընթացքին ՀՀ պետական պիւտճէ մուտք եղած է յաւելեալ 4,2 միլիառ տոլար:

«Այս թուի մէջ ներառուած չէ պետական պարտքը, այս թուի մէջ չեմ ներառել նաեւ «Հայաստան համահայկական հիմանդրամ»-ի կողմից 2020 թուականին պետական պիւտճէին փոխանցուած գումարները. այսինքն՝ խօսքը պիւտճէի մաքուր յեղափոխական եկամտի մասին է: Սա ասում եմ նաեւ այն քննադատութիւններին ի պատասխան, թէ մեր կառավարութիւնը յեղափոխութեամբ եկաւ իշխանութեան եւ մոռացաւ թալանածը ետ բերելու խոստումը. բա այս 4,2 միլիառ տոլարը օդի՞ց է ընկել, սիրել՛ի ժողովուրդ»,- յաւելած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment