Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերականգնուած Է Պետութեան Պատճառուած՝ 1 Միլիոն 662 Հազար Տոլարի Վնասը

Վերականգնուած Է Պետութեան Պատճառուած՝ 1 Միլիոն 662 Հազար Տոլարի Վնասը

by MassisPost

Քննչական Կոմիտէին մէջ քննուող քրէական վարոյթի ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ բազմաբնակարան շէնքերու կառուցապատմամբ եւ բնակարաններու վաճառքով զբաղող երկու ընկերութիւններու 50 եւ 100 տոկոս բաժնեմասերու սեփականատէրը, այդ ընկերութիւններու տնօրէնին հետ նախնական համաձայնութեամբ, 2020-2024 թուականներու ընթացքին առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր վճարելէ խուսափելու եւ այդ միջոցով շահոյթ ստանալու նպատակով, դիտաւորութեամբ թաքցուցած են նշուած ընկերութիւններու իրական եկամուտները:

Հաշուի առնելով, որ քրէական վարոյթով առկայ եղած են յանցանքի կատարումը վկայող բաւարար փաստեր՝ 2025 թուականի Ապրիլ 11-ին դատախազը, սեփական նախաձեռնութեամբ, հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է վերոնշեալ անձանց նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 290-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով (խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր չվճարելը):

Հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին որոշումները կայացնելէ յետոյ նշուած անձերուն ներկայացուած է մեղադրանք: Ընկերութիւններու սեփականատէրը ընդունած է առանձնապէս մեծ չափերով հարկերէ խուսափելու փաստը եւ վերականգնած է պետութեան պատճառուած վնասէն՝ 1 միլիոն 662 հազար տոլարին համարժէք 650 միլիոն դրամը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment