Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերակառուցումէն Յետոյ Մեղրիի Անցակէտին Թողունակութիւնը Քանի Մը Անգամ Պիտի Աւելնայ

Վերակառուցումէն Յետոյ Մեղրիի Անցակէտին Թողունակութիւնը Քանի Մը Անգամ Պիտի Աւելնայ

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահ Էտուարտ Յակոբեանն Մեղրիի սահմանային անցակէտին վրայ դիմաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը եւ ՊԵԿ նախագահը շրջած են պետական սահմանի Ագարակի նոր կառուցուող անցակէտի շինարարական հրապարակին վրայ, ծանօթացած են Մեղրիի սահմանային անցակէտի վերակառուցման աշխատանքներուն:

ՊԵԿ նախագահը ներկայացուցած է անցակէտի վերակառուցման ընդհանուր ծրագիրը, նախատեսուող աշխատանքները եւ շինարարութեան ներկայ փուլի ընթացքը: ՊԵԿ նախագահը յայտնած է, որ ծրագրով նախատեսուած աշխատանքին շուրջ 20 տոկոսը արդէն իրականացուած է:

Ծրագիրը, որուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ աւելի քան 25 միլիոն եւրօ, կ’իրականացուի ՀՀ կառավարութեան եւ ԵՄ համաֆինանսաւորմամբ: Շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են 2023 թուականի սեպտեմբերին, աւարտը կը նախատեսուի 2026 թուականին:

Պիտի ստեղծուի միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան նոր մաքսային սահմանային անցակէտ, որ յագեցած պիտի ըլլայ ժամանակակից սարքաւորումներով: Վերակառուցումէն յետոյ անցակէտին թողունակութիւնը քանի մը անգամ պիտի աւելնայ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment