Անցնող շաբաթավերջը մշակութասէր հայութեան համար հաճելի` ժամադրավայրի վերածուած էր Սան Ֆերնանտոյի «Արարատՙ կեդրոնը: Արդարեւ, Ապրիլ 6-ին, 2025, խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ էր հանդիսավայրը, ուր տեղի ունեցաւ նախկին Եթովպահայ ծանօթ գրող հեղինակ, դասախօս եւ թարգմանիչ Ասպետ Պողարեանի նոր հրատարակած վէպին` «Սիրող Հայր, դառն Որդի» (Loving Father Bitter Son) շնորհանդէսը: Միաժամանակ` ներկաները ծանօթացան Ասպետի եւ իր կնոջ` արուեստագիտուհի Այտա Պողարեանի նկարչական եւ կերպարուեստի տասնեակ մը գունագեղ ստեղծագործութիւններուն, որոնք ցուցադրուած եւ վաճառքի տրամադրուած էին միեւնոյն սրահին մէջ: Իսկ հասոյթը` Հայաստանի Գոշ գիւղի կարիքներուն:
Սոյն զոյգ միջոցառումներուն համար ներկաներուն ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկաւ ակումբի մշակութային յանձնախումբի վարիչ Մարիզա Սարեան:
Այնուհետեւ բեմին վրայ նոր գիրքի շնորհանդէսի առիթով, նստակեաց զրոյց ունեցան հեղինակը` Ասպետ Պողարեան եւ յայտնի գործարար Ալֆրետ Եսայեան, որուն գիտա-թէքնիքական ներդրումները ծանօթ են Հայաստանի պատկան շրջանակներուն մօտ:
Երկխօսութեան առանցքը կազմեցին մշակութային եւ ընկերային հարցեր, որոնք առկայ եղած են թէ Եթովպիայի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Ասպետի վրայ մեծապէս ազդած են եթովպական ընկերային կեանքի վերիվայրումներն ու տագնապալից ապրելակերպը, ցաւալի իրողութիւններ, դաւաճանութիւն, կորուստներ, յաջողութիւններ, առանձնայատկութիւններ եւ այլ ընտանեկան ցնցիչ պարագաներ, որոնք` մեծ հետաքրքրութեամբ նկարագրուած են վէպին մէջ:
Ներկաները ուշադիր հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին «Սիրող հայր, դառն որդի» վէպէն քանի մը ուշագրաւ հատուածներ զո`ս անձամբ կարդաց հեղինակը:
Շահեկան երկխօսութենէն ետք` տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ “Loving Father, Bitter Son” գիրքի մակագրութիւնը հեղինակին կողմէ: Արդարեւ ներկաները երկարատեւ հերթի կեցած էին Ասպետ Պողարեանի գիրքէն օրինակ մը ունենալու համար: Ցաւալի եւ միանգամայն ուրախալին այն է որ գիրքերն արագ սպառում ունեցան… (sold out) երբ դեռ տասնեակներով սպասման մէջ եղող կային…: Նախանձելի օրինակ մը արդարեւ…
Ընկերային ուրախ մթնոլորտի մէջ` ներկաներն ունեցան հաճելի պահեր, որուն ընթացքին անձամբ շնորհաւորեցին Ասպետ եւ Այտա Պողարեանները, իրենց ինքնատիպ ստեղծագործութիւններուն եւ գործնական հայրենասիրութեան օրինակելի ծաայութեան համար, մաղթելով քաջաողջութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ:
Ինչպէս ոմանց ծանօթ է` Պողարեան ամոլը, շրջանէ մը ի վեր, տարին 6 ամիս կը բնակին Հայաստանի Գոշ գիւղին մէջ եւ վեց ամիս (ձմեռնային շրջան) Գալիֆորնիոյ մէջ: Ի մօտոյ` կրկին վերադարձ դէպի Գոշ, ամառնային եղանակին առթիւ: Հաւանաբար զբաղին նաեւ այս նոր վէպը հայերէնի թարգմանելու գործով:
Մեր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները Ասպետ եւ Այտա Պողարեաններուն, իրենց հայրենանուէր ծառայութիւններու օրինակելի առաքելութեան համար:
Գ.Մ.