Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Եթէ Հայաստանը Ընտրէ Եւրոպական Ուղին, Բաւականին Ցաւոտ Գործընթաց Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Բնակչութեան Համար». Կալուզին

«Եթէ Հայաստանը Ընտրէ Եւրոպական Ուղին, Բաւականին Ցաւոտ Գործընթաց Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Բնակչութեան Համար». Կալուզին

by MassisPost

Եթէ Հայաստանը երթայ եւրոպական ընտրութեան ուղիով, այդ առարկայականօրէն  պիտի յանգեցնէ այն տնտեսական յարաբերութիւններու վերանայման, որոնք Երեւանը այժմ ունի ԵԱՏՄ-ի իր գործընկերներուն հետ։ Ատիկա, հաւանաբար, պիտի ըլլայ բաւականին ցաւոտ գործընթաց, ընդ որում՝ ցաւօք, բնակչութեան համար։ «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի հետ առեւտրաշրջանառութիւնը անցեալ տարի կազմած է մօտ 12 միլիառ տոլար՝ ցոյց տալով զգալի աճ. «Մենք չունինք եւ չենք կրնար ունենալ որեւէ ծրագիր՝ ոտնահարելու Հայաստանի շահերը։ Ան մեր դաշնակիցն է, ռազմավարական գործընկերը, որուն հետ մեզ, ինչպէս Վրաստանի հետ, կը կապէ բազմադարեայ ընդհանուր պատմութիւնը, Հայրենական մեծ պատերազմին ընդհանուր յաղթանակը, որուն 80-ամեակը, յոյսով եմ, միասին պիտի նշենք Մայիս 9-ին»։

Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը դարձեալ յիշեցուցած է, որ միաժամանակ ԵՄ եւ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնը անհնար է. «Ուստի մեր հայ գործընկերները, հաւանաբար, որոշ պահի ստիպուած ըլլան կողմնորոշուիլ, թէ որ ուղղութեամբ կը շարժին՝ դէպի Եւրոմիութեան համարկում, թէ՞ եւրասիական համարկման շարունակական մասնակցութիւն ԵԱՏՄ-ի միջոցով։ Այս անդամակցութիւնը ակնյայտ օգուտներ կը բերէ Հայաստանի բնակչութեան»։

Ան նշած է, որ եթէ ​​Հայաստան  երթայ  եւրոպական  ընտրութեան  ուղիով,  ատիկա առարկայականօրէն պիտի յանգեցնէ  այն  տնտեսական  յարաբերութիւններու  վերանայման, որոնք Երեւանը այժմ ունի ԵԱՏՄ-ի  իր գործընկերներուն հետ։

«Ատիկա, հաւանաբար, բաւականին ցաւոտ գործընթաց ըլլայ, ընդ որում՝ ցաւօք, Հայաստանի բնակչութեան համար։ Տրամաբանական է ենթադրել, որ երկրի ղեկավարութիւնը պիտի բացատրէ իր բնակչութեան, թէ ինչ կրնայ կորսնցնել ԵԱՏՄ-էն դուրս գալով եւ ինչ կրնայ իրականութեան մէջ ձեռք բերել Եւրոմիութեան անդամակցութենէն։

Պաշտօնական Երեւանի մէջ, յոյսով եմ, անոնք կը տեսնեն այս իրավիճակը եւ համապատասխանաբար կը գնահատեն այն։ Առայժմ Հայաստանը դուրս չէ եկած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան որեւէ կառոյցէ։ Մենք բարձր կը գնահատենք անոր յաջող նախագահութիւնը ԵԱՏՄ-ի մէջ անցեալ տարի՝ 2024 թուականին, այնպէս որ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Երկրին ներկայացուցիչները նաեւ աշխուժօրէն կը մասնակցին ԱՊՀ մարմիններու բոլոր միջոցառումներուն, բոլոր փորձագիտական ​​​​հանդիպումներուն»,- նշած է Կալուզին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment