Թուրքիան եւ Հայաստանը համակարծիք են, որ Անքարա-Երեւան բանակցութիւններու վերջնական նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորումն է, ներառեալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմաններու բացումը։ Անթալիոյ մէջ 4-րդ դիւանագիտական համագումարի շրջանակին մէջ լրագրողներուն այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, կը գրէ Anadolu գործակալութիւնը։
Միրզոյեան նշած է, որ համագումարի շրջանակներուն մէջ հանդիպած է իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։
«Երկու կողմերն էլ հասկանում են, որ վերջնական նպատակը, խնդիրը յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորումն է, ներառեալ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատումը եւ սահմանների ամբողջական բացումը»,- մասնաւորապէս ըսած է ՀՀ նախարարը։
«Մեր երկխօսութիւնը վերաբերում է ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը եւ սահմանի պաշտօնական բացմանը։ Խօսքը երկու երկրների միջեւ կարող է տեղի ունենալ լայնածաւալ առեւտրի մասին։ Քննարկուել են նաեւ ուժանիւթի համատեղ նախագծեր եւ տարանցման հնարաւորութիւններ։ Աւելին՝ անդրադարձել ենք նաեւ միջազգային հարթակներում համագործակցութեան թեմային»։
Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Անքարայի եւ Երեւանի միջեւ արդէն շարք մը յստակ քայլեր ձեռնարկուած են այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են «օդային տարածքի օգտագործումը», եւ երկու երկիրներուի փորձագէտները քննարկումներ կատարած են Մարգարա-Ալիջան սահմանակէտի եւ Կիւմրի-Կարս երկաթուղիին վերաբերեալ։ Միաժամանակ, հայկական դիւանագիտութեան ղեկավարը նշած է, որ երկկողմ յարաբերութիւններու որոշ ոլորտներուն մէջ «յառաջընթացը կանգ առած է»։
«Օրինակ, մենք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերեցինք բացել սահմանը երրորդ երկրների քաղաքացիների, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի քաղաքացիների համար, ովքեր ունեն դիւանագիտական անձնագրեր, եւ այս պայմանաւորուածութիւնը, ցաւօք, դեռ չի իրականացուել»,- ըսած է ան։