Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան ու Սերտար Քըլըչ հանդիպում ունեցած են Անթալիայի դիւանագիտական համագումարի շրջանակներուն մէջ։
«Անթալիայի դիւանագիտական համագումարին մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ կառուցողական քննարկում ունեցայ Սերտար Քըլըչի հետ»,- գրած է Ռուբինեան X-ի էջով: