Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ. «Կ’ողջունեմ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Քայլերը»

Թրամփ. «Կ’ողջունեմ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Քայլերը»

by MassisPost

«Կ’ողջունեմ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ձեռնարկած քայլերը»,- նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ Նովրուզի առթիւ Ատրպէյճանի նախագահին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ։ Անոր բնագիրը հրապարակուած է Ատրպէյճանի պետական Azertag գործակալութեան կայքին մէջ։

«Միացեալ Նահանգներն ու Ատրպէյճանը համատեղ աշխատանքի երկարատեւ պատմութիւն ունին։ Յոյսով եմ, որ յառաջիկայ տարիներուն մենք քայլեր պիտի ձեռնարկենք նոր մեծ գործերուն ընդառաջ,- նշած է Թրամփ՝ յաւելելով,- Ես երախտապարտ եմ Ատրպէյճանին մեր գործընկեր Իսրայէլի հետ բարեկամութեան, այդ երկրին ցուցաբերած աջակցութեան համար»։

«Միացեալ Նահանգները հետագային եւս պիտի աջակցի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»,- եզրափակած է Թրամփ։

Օրեր առաջ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան ուժանիւթային միջոցներու պետական բիւրոյի աւագ խորհրդական Էրիք Ճէյքոպզ յայտնած էր՝ ԱՄՆ նախագահը անհամբեր կը սպասէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկար սպասուած խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment