Ռուսաստան կ’ակնկալէ, որ մինչեւ 2025 թուականի Մայիս կը կարենայ յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել Հայաստանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու ժամկէտներու վերաբերեալ։
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
Զախարովա ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւը ռուսական ներկայութեան հետեւողական ընդլայնումը կը համապատասխանէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ շահերուն։
«Մեր երկիրներուն միջեւ տնտեսական օրակարգի յառաջմղումը Սիւնիքի մէջ երթալով կը կարեւորուի ԵԱՏՄ ձեւաչափով՝ կապուած հայկական այս տարածաշրջանին սահմանակից Իրանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վերջին վաւերացման հետ, եւ այս հարցը պէտք է հաշուի առնել: Այս ամէնը պիտի դառնայ յուսալի ապահովագրութիւն Սիւնիքի մարզի յարաշարժ, խաղաղ, անվտանգ զարգացման համար»,- յաւելած է Զախարովա։