Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Տեղահանուածներու Աջակցութեան Ծրագրերուն Կառավարութիւնը Յատկացուցած Է Աւելի Քան 115 Միլիառ Դրամ

ԼՂ-էն Տեղահանուածներու Աջակցութեան Ծրագրերուն Կառավարութիւնը Յատկացուցած Է Աւելի Քան 115 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային ապահովութեան նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը 2023 թուականի Հոկտեմբերէն մինչեւ այսօր պետական պիւտճէի միջոցներէն յատկացուցած է աւելի քան 115 միլիառ դրամ։  Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտնեց ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան։

Անոր խօսքով՝ յատկացուած գումարներուն աւելի քան 85-90 տոկոսը տրամադրուած է բացառապէս պետական պիւտճէէն։

«Իհարկէ, այդտեղ եղել են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ յատկացուած լրացուցիչ գումարներ, որոնց մենք շնորհակալ ենք, բայց մեր աշխատանքի սկզբունքը մէկն է եղել՝ երբ որոշում ենք, որ ծրագիրն անհրաժեշտ է, սպասել չենք կարող։ Իրականացնում ենք մեր պիւտճէական միջոցներով, եւ յետոյ, եթէ լինում են գործընկերներ, որոնք ցանկութիւն են յայտնում միանալ, դա միայն ողջունելի է»,- ընդգծեց փոխվարչապետը։

Խաչատրեանի խօսքով՝ միջազգային համաժողովներու միջոցով ֆինանսական միջոցներու ակնկալիքները գերագնահատուած են, եւ կառավարութիւնը չի կառուցեր իր քաղաքականութիւնը նման սպասումներու վրայ։

«Մենք չենք տեսնում այդպիսի լրացուցիչ հնարաւորութիւն, եթէ մենք տեսնենք, թէ որ խնդիրն է, որ լուծուած չէ եւ հնարաւոր է լուծել որեւէ լրացուցիչ համաժողով անցկացնելու կամ կազմակերպելու արդիւնքում, ի հարկէ, կարող ենք դա անել, բայց դրա կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնն այս փուլում մենք չենք տեսնում»,- նշեց ան։

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներին աջակցելու նպատակով ֆինանսական միջոցներ ներգրաւելու համար միջազգային համաժողովներ կայացնելու առաջարկով հանդէս եկած էր արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը, որուն նախաձեռնութեամբ Մարտ 29-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք կայացուած էր։ Հանրահաւաքին մասնակիցները կը պահանջէին պահպանել իրենց տրամադրուող 40+10 հազար դրամ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել իրենց քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Հանրահաւաքէն յետոյ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպած էր ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment