Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի Հայաստանեան Առաքելութեան Ղեկավարը

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի Հայաստանեան Առաքելութեան Ղեկավարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի (ԱՄՀ) հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Իվա Փեթրովան, որ կ’աւարտէ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Ալեքսանտր Թիման, ով պիտի ստանձնէ ԱՄՀ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՀ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման: ՀՀ վարչապետը նշած է, որ այս տարուայ առաջին եռամսեակին կը պահպանուին տնտեսական աշխուժութեան միտումները եւ կառավարութեան քայլերը միտուած են տնտեսական կայուն աճի ապահովման:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ ԱՄՀ-ի համագործակցութեամբ  իրականացուող ծրագրի 5-րդ վերանայման արդիւնքներուն: Այս առումով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ծրագրի արդիւնքներէն եւ անդրադարձ կատարած են հետագայ քայլերուն:

Միտքեր փոխանակուած են ֆինանսական ոլորտի, ներդրումային միջավայրի բարելաւման, տնտեսական աշխուժութեան խթանման, առկայ վտանգներու յաղթահարման եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment