ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ընդունած է հայազգի գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Լիլիա Սիրականեանը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պետութիւն-մասնաւոր հատուածի արդիւնաւէտ համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ մասնաւոր ներդրումային ֆոնտ ստեղծելու հայեցակարգը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ գրաւչութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցեր։
Նախարարը նշած է, որ ներդրումները կրնան մեծապէս նպաստել երկրի տնտեսական զարգացման, եւ կարեւոր է համապատասխան պայմաններու ստեղծումը օտարերկրեայ ներդրողներու համար:
Գէորգ Պապոյեան փաստած է, որ նախարարութիւնը աշխուժօրէն կ’աշխատի ներդրումային պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ եւ պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը նորարարական ու տնտեսական աճի համար կարեւոր նախաձեռնութիւններուն մէջ։