Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2025-2026 Տարեշրջանի Դիմումները

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2025-2026 Տարեշրջանի Դիմումները

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու Յանձնախումբը ուրախ է յայտարարելու, որ պիտի սկսի ընդունիլ 2025-2026 տարեշրջանի կրթնպաստներու դիմումները։

Կը քաջալերենք համալսարանական ուսանողները՝ Ապրիլ 1, 2025-էն սկսեալ ներկայացնելու իրենց դիմումնագիրերը այս սպասուած առիթին համար։։

Անհատական կրթանպաստներ` իւրաքանչիւրը մինչեւ 2000 տոլար, պիտի յատկացուին արժանի ուսանողներու, որոնք կ’ամբողջացնեն յատուկ պայմանները։

– Դիմողները պէտք է ունենան հայկական ծագում։
– Արձանագրուած ըլլան քառամեայ հաւատարմագրուած համալսարան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ
– Ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA։
– Դիմողները պէտք է ըլլան գործունեայ հայկական կազմակերպութիւններէ ներս եւ պատրաստ ծառայելու Հայ համայնքին:

Պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել  (https://aebu.org/our-programs/scholarship կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար։

Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցանց կամ նամակատան միջոցաւ մինչեւ Յունիս 30, 2025։

Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave. Pasadena, CA 91104։

Նաեւ կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին` յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

Նպաստները կը յատկացուին  մրցակցային հիմունքներով եւ ստուգումներէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց` մինչեւ Յուլիս 31, 2025: Կրթանպաստներու յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 25, 2024-ին` ծնողներու եւ Միութեան բարեկամներու ներկայութեան։

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են հայազգի ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան, որպէսզի անոնք կարողանան կերտել աւելի փայլուն ապագայ մը:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://aebu.org/  կայքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment