Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ Անդամակցիլ Եւրոպական Եւ Ռուսական Ռազմաքաղաքական Եւ Տնտեսական Դաշինքներուն. Միրոշնիք

Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ Անդամակցիլ Եւրոպական Եւ Ռուսական Ռազմաքաղաքական Եւ Տնտեսական Դաշինքներուն. Միրոշնիք

by MassisPost

Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ անդամակցիլ եւրոպական եւ ռուսական ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական դաշինքներուն։

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռոտիոն Միրոշնիքը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոհամարկման հնարաւոր ուղիները։

«Ռուսաստանը մշտապէս յայտարարած է, որ մենք չենք միջամտեր որեւէ պետութեան ներքին գործերուն, այդ շարքին՝ Հայաստանի։ Սակայն պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը համատեղել ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացին հետ դժուար պիտի ըլլայ։ Երկու աթոռի վրայ նստիը չի յաջողիր»,- ըսած է Միրոշնիք։

ՌԴ ներկայացուցիչին խօսքով՝ Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հայաստանը շարունակէ համագործակցութիւնը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment