Շաբաթ օր, Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած էին հազարաւոր արցախցիներ։ Հանրահաւաքի աւարտին Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը 12 պահանջ ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան.- «Նախաձեռնողական, հետեւողական ու պատասխանատու կերպով իրականացնել իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւոր քայլերն՝ ապահովելու Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձը հայրենի հող, այնտեղ անվտանգ, արժանապատիւ, կայուն ու ինքնորոշուած կեանքը»:
Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը պահել կառավարութեան ու միջազգային ատեաններու օրակարգին վրայ, արցախցիներու ճակատագիրը որոշող հարցերուն մէջ ներգրաւել Արցախի օրինական ներկայացուցիչները, ջանքեր գործադրել Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները վերադարձնելու ուղղութեամբ: Անոնք Հայաստանի իշխանութենէն կը պահանջեն դադրեցնել արցախցիներու նկատմամբ ատելութեան քարոզն ու պատժել այդ մարդիկը:
Ընկերային աջակցութեան պահանջագրին մէջ ըսուած էր.- «Պահանջում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից կայուն եւ արժանապատիւ կեանքի պայմանների ապահովում Արցախի ժողովրդի համար, ներառեալ՝ Ա. բնակվարձի աջակցութեան ծրագրի անվերապահ շարունակութիւն մինչեւ տուեալ ընտանիքի բնակարանային կարիքի պատշաճ բաւարարումը: Բ. նոր, արդար ու արդիւնաւէտ բնակարանային ծրագրի մեկնարկ: Հրաժարուել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան հարկադրման արհեստական քաղաքականութիւնից եւ վերադարձնել արցախցիներին իրենց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալով բոլորին օգտուելու քաղաքացու իրաւունքներից եւ ստանձնելու դրանցից բխող պարտաւորութիւնները: Վերանայել արցախցիների կուտակած կենսաթոշակային գումարների վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հակասահմանադրական որոշումը»:
Նստացոյցին մասնակիցները կառավարութեան մէկ շաբաթ ժամանակ տուին իրենց պահանջներուն պատասխանելու, արձագանգելու համար: Հանրահաւաքէն յետոյ վրաններ տեղադրեցին, շտաբ ձեւաւորելու: Եթէ զիրենք բաւարարող պատասխաններ չտայ վարչապետ Փաշինեանը, պիտի շարունակեն հանրահաւաքներն ու քայլերը: