Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կիւմրիի Մէջ Կան Ձերբակալուած Անձեր Ընտրակաշառքի Տրամադրման Հետ Կապուած

Կիւմրիի Մէջ Կան Ձերբակալուած Անձեր Ընտրակաշառքի Տրամադրման Հետ Կապուած

by MassisPost

Մարտ 30-ին, Կիւմրիի մէջ  կայանալիք ընտրութիւններու նախօրեակին իրաւապահները մտած են «Մայր Հայաստան» դաշինքի գրասենեակ եւ խուզարկած են շտաբի պետ Արա Ոսկանեանի բնակարանն ու «Մայր Հայաստան» դաշինքի ընդհանուր գրասենեակը: Խուզարկած են նաեւ Մայր Հայաստան դաշինքի համակիրներէն եւ աջակիցներէն քանի մը հոգիին բնակարանները:

Յատուկ ջոկատայինները Կիւմրիի մէջ խուզարկութիւններ իրականացուցած են նաեւ Մարտուն Գրիգորեանի նախընտրական շտաբներուն մէջ:

Խուզարկութիւնները կապուած են ընտրակաշառքի տրամադրման վերաբերեալ հրապարակուած ձայնագրութիւններուն հետ:

Աւելի վաղ Հակափտածութեան կոմիտէէն յայտնած էին, որ ստացուած տուեալներու համաձայն՝ ընտրողներուն առաջարկուել է ընտրակաշառք՝ Կիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուած կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պայմանով: Որպէս ընտրակաշառք խոստացուած է նաեւ վառելափայտ, ճանապարհի խճապատում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment