Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Ռասմուսեն Կլոպալ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներիու շուրջ: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի» նախագիծի բնագրի համաձայնեցման եւ նախագիծի բնագրի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է համաձայնագիրը ստորագրելու ՀՀ պատրաստակամութիւնը՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:
Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, ԵՄ-ի օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: