Ռուսաստանը «միտուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման»: Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
Ան նշած է, որ «Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները չեն ընդհատուած»։ Քրեմլինի ներկայացուցիչը Հայաստանը անուանած է «բարեկամ երկիր»:
«Մեզ շատ բան կը միաւորէ ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ պատմական, ե՛ւ մշակութային առումներով: Եւ այնպիսի կարեւոր համակրման միաւորման համատեղ մասնակցութեան առումով, ինչպիսին ԵԱՏՄ-ն է։ Մենք աւելի քան գոհ ենք հայկական կողմի այս փոխադարձ վերաբերմունքէն մեր երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն նկատմամբ եւ պատրաստ ենք ամէն կերպ զարգացնելու զանոնք»,- ըսած է ան։