Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Սպառնացող Վտանգները Կու գան Քանի Մը Երկրէ․ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Ղեկավար

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Սպառնացող Վտանգները Կու գան Քանի Մը Երկրէ․ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Ղեկավար

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Քրիսթինէ Գրիգորեան յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները կու գան քանի մը երկրէ։

Քրիսթինէ Գրիգորեան այս մասին ըսած է Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ պատասխանելով հարցումին, թէ բացի Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն, կա՞ն արդեօք Հայաստանի պետականութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար վտանգ ներկայացնող այլ երկիրներ։

«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեանը եւ ինքնիշխանությեանը սպառնացող վտանգները գալիս են մի քանի երկրից»,- նշեց Գրիգորեան՝ միաժամանակ զերծ մնալով մանրամասնելէ, թէ որ երկիրներու մասին է խօսքը։

Քրիսթինէ Գրիգորեանն այս պահուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակելու հաւանականութիւնը բարձր չի գնահատեր։ Անդրադառնալով հարցին, թէ այս պահին կա՞յ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակելու վտանգ՝ Քրիսթինէ Գրիգորեան պատասխանած է. «Այս պահին յարձակման հաւանականութիւնը բարձր գնահատելու համար անհրաժեշտ բոլոր փաստերի եւ ազդակների համախումբը բացակայում է, սակայն իրավիճակն արագ է փոխւում, եւ մենք հետեւում ենք իրավիճակին»։ Թէեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յայտարարած են խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ համաձայնութեան հասնելու եւ բանակցութիւններու աւարտի մասին՝ Ատրպէյճանը վերջին օրերուն պարբերաբար կեղծ լուրեր կը տարածէ, թէ հայկական զինուած ուժերը սահմաններու տարբեր հատուածներու մէջ իբր կը կրակեն ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։ Տարբեր վերլուծաբաններու եւ փորձագէտներու կարծիքով՝ Ատրպէյճանը այդպիսով հող կը նախապատրաստէ Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակման համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment