Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռասմուսենի Կարծիքով՝ ԵՄ-ն Պէտք Է Իր Լծակներով Ստիպէ Ատրպէյճանը Ստորագրելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

Ռասմուսենի Կարծիքով՝ ԵՄ-ն Պէտք Է Իր Լծակներով Ստիպէ Ատրպէյճանը Ստորագրելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի դիտարկմամբ՝ Եւրոպական Միութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեծ լծակներ ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչ որ պէտք է արդիւնաւէտ օգտագործէ, որպէսզի Պաքուն ստորագրէ Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն նման կարծիք յայտնած է Իջեւանի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարին բնորոշմամբ՝ Եւրոպական Միութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ բաւականին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ։

«Այս առումով, կը կարծեմ, որ ԵՄ-ն պէտք է արդիւնաւէտ օգտագործէ այդ լծակը, որպէսզի Ատրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիր կնքէ Հայաստանի հետ»,- ընդգծած է ան:

Ռասմուսեն յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը առաւելագոյն ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ՝ հասնելու խաղաղ համաձայնագրի ստորագրման։

«Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը ազդեցութիւն կը գործէ Պաքուի վրայ եւ կը պահանջէ, որ ան հնարաւորինս շուտ ստորագրէ համաձայնագիրը։

Ռասմուսեն նաեւ նշած է, որ կը կիսէ հայ ժողովուրդին հիասթափութիւնը այն առումով, որ Ատրպէյճանին ուղղուած միջազգային հանրութեան կոչերը հետեւանքներ չեն ունենար։

«Յոէսով եմ, որ միջազգային հանրութիւնը դաս քաղած է եւ իր կողմէ առաւելագոյն ճնշումը կը գործադրէ՝ ստիպելու Ատրպէյճանը կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիրը»,- շեշտած է Ռասմուսեն։

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Մարտ 13-ին յայտարարած են խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը համաձայնեցնելու եւ անոր շուրջ բանակցութիւնները աւարտելու ուղղութեամբ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած է խորհրդակցութիւններ սկսիլ համաձայնագրի ստորագրման ժամկէտներու եւ վայրի վերաբերեալ, Ատրպէյճանը, մինչդեռ, նախապայմաններ յառաջ կը քաշէ համաձայնագիրը ստորագրելու համար։ Մասնաւորապէս, ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ պնդել կեղծ թեզը, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը իբր տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ որպէս խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու նախապայման դնելով ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը։ Ատրպէյճանի երկրորդ նախապայմանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումն է։ Նախապայմաններուն զուգահեռ Ատրպէյճանը քանի մը օր է՝ կը շարունակէ կեղծ լուրեր տարածել, թէ Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանի տարբեր հատուածներու մէջ իբր կը կրակեն ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment