ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Պրազիլի արտաքին գործերու նախարար Մաուրօ Վիեյրայի, որմէ յետոյ նախարարները քննարկումը շարունակած են ընդլայնուած կազմով՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Մաուրօ Վիեյրան հանգամանալից քննարկած են երկկողմ օրակարգի ընդլայնման, քաղաքական երկխօսութեան խորացման ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման միտուած բոլոր հարցերն ու նախաձեռնութիւնները:
Հայաստանի եւ Պրազիլի արտաքին գործերու նախարարները միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններու շուրջ այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են տնտեսութիւնը, առեւտուրը, կրթութիւնը, նորարարութիւնները, բարձր արհեստագիտութիւններն ու ուժանիւթը: Երկուստէք ընդգծուած է ներդրումներու եւ գործարար կապերու խթանման ուղղութեամբ լրացուցիչ համատեղ ջանքերու գործադրման հարցով մեծ պատրաստակամութիւնը: Նախանշուած են յառաջիկայ ընելիքները՝ երկու երկիրներու համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ գործակալութիւններու մասնակցութեամբ:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային օրակարգի հարցերու շուրջ՝ անդրադարձ կատարելով տարբեր հարթակներու վրայ արդէն իսկ ձեւաւորուած աշխոյժ փոխգործակցութեան հարցերու:
Տարածաշրջանային թեմաներու ծիրին մէջ, նախարար Միրզոյեան մանրամասն ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան կառուցման ՀՀ տեսլականը, այդ նպատակով գործադրուած ջանքերը, ընդ որում՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի մշակման, համաձայնեցման ուղղութեամբ: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է համաձայնեցուած բնագրով համաձայնագրի ստորագրման, ինչ որ լաւ հիմք կրնայ հանդիսանալ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ համապարփակ խաղաղութեան համար: