ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սթրասպուրկ կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ՝ ԵԽ Խորհրդարաններու նախագահների եւրոպական համաժողովի շրջանակին մէջ, հանդիպած է Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէի հետ:
Ալէն Սիմոնեան գործընկերոջ հետ զրոյցին շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան համար՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Ֆրանսայի կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Եաէլ Պրաուն-Փիվր, իր հերթին, վերահաստատած է Հայաստանի խաղաղութեան ձգտումներուն եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ուղղուած քայլերուն Ֆրանսայի անվերապահ աջակցութիւնը:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն, միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցերուն: ՀՀ ԱԺ նախագահը վերահաստատած է հայկական կողմի վճռական դիրքորոշումը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջերս համաձայնեցուած խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու խնդիրին: