Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵՄ-ն Ատրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Հետաքննելու Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Նկատմամբ Վերաբերմունքը

ԵՄ-ն Ատրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Հետաքննելու Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Նկատմամբ Վերաբերմունքը

by MassisPost

Ատրպէյճանը կալանքի մէջ պահուող հայերու համար պէտք է ապահովէ արդար դատաքննութեան իրաւունքը եւ բաւարար պայմաններ՝ համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն:

Պրիւքսէլի մէջ, «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան, այս մասին ըսած է ԵՄ արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով խօսնակ Անիթա Հիփեր։

Ան ընդգծած է, որ շատ կարեւոր է, որ ենթադրեալ ռազմական յանցագործութիւնները եւ այլ իրաւախախտումները հետաքննուին թափանցիկ կերպով։

«Մենք տեղեակ ենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ու շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ մտահոգութիւններ յայտնած են մեղադրեալներու նկատմամբ վերաբերմունքին վերաբերեալ։ Մենք այս մտահոգութիւնները շատ լուրջ կ’ընդունինք եւ ուշադիր կը հետեւինք զարգացումներուն։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ եւ անաչառ կերպով հետաքննեն բոլոր մեղադրանքները վատ վերաբերմունքի վերաբերեալ, եւ, եթէ անոնք հաստատուին, ապա պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն մեղաւորները։

Պաքուի Ռազմական դատարանին մէջ ընթացող դատավարութիւնները կ’առնչուին շատ աւելի լայն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման հարցին։ Ուստի մենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կը շարունակենք կոչ ընել յենելու արդէն իսկ ձեռք բերած յաջողութիւններուն վրայ եւ շարունակելու յառաջընթացը յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղութեամբ»,- ըսած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով խօսնակ Անիփա Հիփեր ու յաւելած, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին իր ամբողջ գործիքակազմով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment