Այս պահի դրութեամբ Պաքուն Երեւանին չէ փոխանցած ՀՀ բանակին կողմէ զինադադարի խախտման որեւէ փաստական տուեալ կամ հիմնաւորում, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը՝ յիշեցնելով զինադադարը խախտելու Պաքուի մեղադրանքներու լոյսին տակ վարչապետի աշխատակազմին աւելի վաղ կատարած յայտարարութիւնը։
Մարտ 16-էն 18 Ատրպէյճանը 6 հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստան–Ատրպէյճան սահմանին հայկական կողմէ զինադադարի խախտումներու մասին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հերքած է բոլոր պնդումները եւ Մարտ 17-ին յայտնած, որ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնները հիմնաւորող փաստերը՝ զանոնք Հայաստանին փոխանցելու պարագային։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը դեռ 2024-ի Յունիսին նաեւ առաջարկած էր Պաքուին զինադադարի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել։ Պաքուն անարձագանք թողած է նաեւ Երեւանի այս առաջարկը։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը վերահաստատած է իր այս առաջարկը՝ յայտարարելով՝ ՀՀ բանակը զինադադարի խախտման պատճառ կամ հրահանգ չունի։
Ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ’առաջնորդուի խաղաղութեան օրակարգով՝ Երեւանը կոչ ըրած է Պաքուին մեկնարկելու խորհրդակցութիւններ Մարտ 13-ին ձեռք բերուած համաձայնագրի ստորագրման տեղի եւ ժամկէտներու վերաբերեալ։
Երեւանը կ’արձանագրէ, որ 2025-ի Յունուարին Հայաստանը Ատրպէյճանին գրաւոր փոխանցած է Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններէն Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ եւ դէպի երրորդ երկիրներ, եւ Հայաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջաններէն Ատրպէյճանի տարածքով դէպի ՀՀ հարաւային հատուած, հակառակ ուղղութեամբ եւ դէպի երրորդ երկիրներ երկաթուղային բեռնափոխադրումներու խնդիրի լուծման առաջարկ, ինչպէս նաեւ սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման երկկողմ մեխանիզմի ստեղծման մասին առաջարկ եւ կը սպասէ Ատրպէյճանի դրական արձագանգին։
Երեւան նաեւ կը վերահաստատէ, որ պատրաստ է Պաքուի հետ շարունակելու սահմանազատման աշխատանքները։