Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Կողմ Քուէարկած Է «Լեռնային Ղարաբաղի Համար Խաղաղութեան Համագումար. Հայերու Վերադարձի Հնարաւորութեան Ապահովում» Վերնագրով Նախագիծին

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Կողմ Քուէարկած Է «Լեռնային Ղարաբաղի Համար Խաղաղութեան Համագումար. Հայերու Վերադարձի Հնարաւորութեան Ապահովում» Վերնագրով Նախագիծին

by MassisPost

Զուիցերիոյ Դաշնային ժողովի Վերին պալատը՝ Քանթոններու խորհուրդը, Մարտ 18-ին ընդունած է №24.4259 նախագիծը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան համագումար. հայերու վերադարձի հնարաւորութեան ապահովում» վերնագրով։

46 անդամներէն 29-ն կողմ քուէարկած են նախաձեռնութեան, որով կոչ կը կատարուի Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն հիմնելու առանձնացուած հարթակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան համար։

Նախաձեռնութեան նպատակն է  «դիւրացնել Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ՝ միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment