Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը Պաքուէն կրկին մեղադրած են «լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու» մէջ՝ նշելով, թէ նման գործունէութեան նոր ձայնագրութիւններ ի յայտ եկած են։
Ատրպէյճանական «Report»-ը կը գրէ՝ իր ձեռքին տակ յայտնուած նկարներուն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս «այսպէս կոչուած, ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կը շարժի դէպի Լաչին եւ Զանգիլան»՝ ընդգծելով, որ «ատրպէյճանական կողմը ուշադիր կը հետեւի առաքելութեան գործունէութեան»։
Երկու օր է Պաքուն Երեւանը կը մեղադրէ զինադադարը խախտելու համար, Երեւան կը հերքէ։ Պաքուի այս մեղադրանքներու լոյսին տակ՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը նախօրէին յայտարարեց, որ Մարտի 16-17-ին պարեկային խումբեր ուղարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տարբեր հատուածներ՝ նշելով, որ իրավիճակը սահմանին կը մնայ հանգիստ, արտառոց աշխուժութիւն չի նկատուիր։ Հաւանաբար նոյն ինքն այս պարեկութիւնը Պաքուն որակած է «լրտեսական» գործունէութիւն։