Ռուբէն Վարդանեան ընտանիքին հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու ձայնային ուղերձ փոխանցած է. մէկը կը հրապարակուի այսօր, միւսը ան խնդրած է հրապարակել Կիրակի: Ան նաեւ յայտնած է, որ յաջորդ անգամ պիտի խօսի միայն դատական եզրափակիչ նիստին, բայց միայն այն պարագային, եթէ այնտեղ ըլլան միջազգային ներկայացուցիչներ: Այդ մասին յայտնած են Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակէն:
Այսօրուայ ձայնային ուղերձին մէջ ան մասնաւորապէս կը նշէ, որ իր հացադուլը ոչ միայն բողոքի, այլեւ անարդար դատավարութեան եւ ընդհանուր իրավիճակի վրայ ուշադրութեան հրաւիրելու միջոց էր:
«Հացադուլ յայտարարելու համար ես մի քանի նպատակ ունէի»,-նշած է Ռուբէն Վարդանեան: