Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պատրաստ Է Ստորագրման. ՀՀ ԱԳՆ

Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պատրաստ Է Ստորագրման. ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, նշելով որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման։

«Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը դիւանագիտական խողովակներով Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեանը փոխանցել է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ընդունում է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրի» նախագծի  չհամաձայնեցուած երկու յօդուածների վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկութիւնները եւ առաջարկել է հանդէս գալ համատեղ յայտարարութեամբ՝ Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի բնագրի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի մասին։

Պաշտօնական Պաքուն նախընտրել է հանդէս գալ միակողմանի յայտարարութեամբ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը հաստատում է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագծի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի փաստը։

Այսպիսով, Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանական Հանրապետութեան հետ սկսել խորհրդակցութիւններ Համաձայնագրի ստորագրման ժամկէտների եւ տեղի շուրջ»։

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը աւարտած են խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցման բանակցութիւնները, լրագրողներուն յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Անոր խօսքով՝ «Հայաստան ընդունած է ատրպէյճանական կողմի առաջարկները համաձայնագրի վերջին երկու չհամաձայնեցուած կէտերուն վերաբերեալ։ Յաջորդ փուլին Պաքուի ակնկալիքները այսպիսին են՝ Հայաստան պէտք է փոփոխութիւններ մտցնէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որուն մէջ դեռեւս տարածքային պահանջներ կը պարունակուին Ատրպէյճանի նկատմամբ»,- ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը Պաքուի XII Համաշխարհային համաժողովի շրջանակներուն մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment