Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը ՇարունակԷ Գործընկերային Յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Հետ. Միրզոյեան

Հայաստան Կը ՇարունակԷ Գործընկերային Յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Հետ. Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստան կը շարունակէ գործընկերային յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ շահագրգռուած է զարգացնել յարաբերութիւնները անմիջական հարեւաններուն՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ, իսկ Հայաստանի գործընկերութիւնները տարբեր երկիրներու հետ ուղղուած չեն որեւէ երրորդ կողմի դէմ։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան այս մասին նշեց Հոլանտայի արտաքին գործերու նախարար Գասբար Վելտքամփի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Հայաստանի նկատմամբ հնարաւոր ճնշումներու մասին հարցին։

Նախարարին խօսքով՝ Հայաստան կը վարէ հաւասարակշռման եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն։

«Մենք շարունակում ենք մեր գործընկերային յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ։ Մենք առաջին հերթին շարունակում ենք եւ շահագրգռուած ենք զարգացնել յարաբերութիւնները մեր անմիջական հարեւանների՝ Վրաստանի, Իրանի հետ։ Հասկանում ենք, որ տարբեր երկրների տարբեր գործընկերութիւններ կարող են դուր չգալ, կարող են, գուցէ, նաեւ հիասթափութիւնների առիթ դառնալ, բայց մենք փորձում ենք բացատրել, որ մենք առաջնորդւում ենք Հայաստանի շահով, եւ մեր որեւէ գործընկերութիւն ուղղուած չէ երրորդ կողմի դէմ»,- ընդգծեց նախարար Միրզոյեան։

Արարատ Միրզոյեան նաեւ յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ եղած է քաղաքացիական նախաձեռնութիւն, Ազգային Ժողովն ալ առաջին ընթերցմամբ ընդունած է այդ նախաձեռնութենէն բխող օրէնքի նախագիծ, որուն համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսի։

«Հայաստանն ունի շատ խորը յարաբերութիւններ Եւրոպական Միութեան հետ եւ այդ յարաբերութիւնները հէնց այսօր էլ զարգացնում ու խորացնում ենք»,- նշեց Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment