Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ) ՀՀ Ելեւմուտքի Նախարարը Լիւքսեմպուրկի Մէջ Նշած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Եւ ԵՄ-ի Հետ Գործընթացին Կարեւորութիւնը

) ՀՀ Ելեւմուտքի Նախարարը Լիւքսեմպուրկի Մէջ Նշած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Եւ ԵՄ-ի Հետ Գործընթացին Կարեւորութիւնը

by MassisPost

ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան Լիւքսեմպուրկի մէջ մասնակցած է EIB Group Forum 2025-ի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած «Օգտագործելով ԵՄ ընդլայնման հնարաւորութիւնները» խորագրով քննարկման:

Քննարկման ծիրին մէջ Վահէ Յովհաննիսեան անդրադարձած է Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացին առնչուող քանի մը կարեւոր հարցերու:

Նախարարը, մասնաւորապէս, խօսած է տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութեան, «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրի, ինչպէս նաեւ այս ծիրին մէջ Եւրոպական ներդրումային դրամատան հետ համագործակցութեան եւ օտարերկրեայ ուղիղ ներդրումներու ներգրաւման կարեւորութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment