Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքները Պիտի Ստանան Յաւելեալ Ընկերային Աջակցութիւն

ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքները Պիտի Ստանան Յաւելեալ Ընկերային Աջակցութիւն

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած՝ ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներուն տրամադրել յաւելեալ հրատապ ընկերային աջակցութիւն՝ օգնելու անոնց յաղթահարելու կեանքի դժուարին իրավիճակները։

Նոր աջակցութիւնը ուղղուած է այն ընտանիքներուն, որոնք կը շարունակեն առերեսուիլ ընկերա-տնտեսական դժուարութիւններու հետ եւ չունին այլ պետական կամ համայնքային բնակարանային ապահովութեան ծրագրերէն օգտուելու հնարաւորութիւն։ Աջակցութենէն կրնան օգտուիլ անոնք, որոնց տուեալները առկայ են ՀՀ կառավարութեան նախկին աջակցութեան ծրագրերուն մէջ, տեղահանուած են 2020-2023 թուականներու ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով, հաշուառուած են ՀՀ ՆԳՆ Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան շտեմարանին մէջ։

Աջակցութենէն չեն կրնար օգտուիլ պետական կամ համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող տարածքներուն մէջ ժամանակաւոր բնակողները, պետական աջակցութեամբ հիւրանոցներու կամ հիւրատներու մէջ բնակողները, անոնք՝ որոնք Հայաստանի մէջ ունին 50 տոկոսէ աւելի սեփականութիւն հանդիսացող բնակելի անշարժ գոյք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment