Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիներու կտտանքներու եւ խոշտանգումներու ենթարկուելու հանգամանքը ու անոր վերաբերեալ միջազգային կառոյցներու ահազանգերը խիստ մտահոգութիւն ու դժգոհութիւն յառաջացուցած են նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ։
Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին ունեցած տեղեկութիւններով այս օրերուն քննարկումներ տեղի կ’ունենան, թէ յաջորդ շաբաթ Եւրոխորհրդարանի՝ Սթրասպուրկի մէջ կայանալիք լիագումար նիստին ԵԽ պատգամաւորներուն այս վրդովմունքը արձագանգի ի՞նչ ձեւ պէտք է ստանայ։ Չի բացառուիր հարցին վերաբերեալ հրատապ քննարկումներու կայացումն ու բանաձեւի ընդունումը։
Ատրպէյճան կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիի առկայութիւնը:
Ատրպէյճան ապօրինի ձերբակալած եւ շինծու մեղադրանքներ առաջադրած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին, Արայիկ Յարութիւնեանին, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի պաշտօնը զբաղեցուցած Դաւիթ Իշխանեանին, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանին, Պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանին, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին։
Կեղծ մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ Վասիլի Բեգլարեանին, Էրիկ Ղազարեանին, Դաւիթ Ալահվերտեանին, Գուրգէն Ստեփանեանին, Լեւոն Բալայեանին, Մադաթ Բաբայեանին, Գարիկ Մարտիրոսեանին, Մելիքսէթ Փաշայեանին։
Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ քրէական գործը անջատուած է միւսներու գործէն, դատաքննութիւնը կատարուած է առանձին։
Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբեն Վարդանեան ընտանիքին հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ փոխանցած է միջազգային հանրութեան ուղղուած իր յայտարարութիւնը՝ ի նշան Ատրպէյճանի մէջ իր դէմ կեղծ դատավարութեան դէմ բողոքի: Փետրուար 25-ին կայացած հերթական դատական նիստի ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, ինչի պատճառով նիստը յետաձգուած է, այնուհետեւ՝ շարունակուած։ Վերջին նիստը կայացած է Մարտ 4-ին։ Ռուբէն Վարդանեանի առողջական վիճակի վատթարացման, ինչպէս նաեւ զայն խոշտանգման ենթարկելու վերաբերեալ կ’ահազանգեն անոր փաստաբանն ու ընտանիքի անդամները։
Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու հարցով Փետրուար 28-ին յայտարարութիւն տարածած էր Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը։