Դարերու հոլովոյթին եւ կեանքի փոթորիկներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց հայը գոյատեւած է իր ոգեղէն կամքով եւ առ Բարձրեալն ունեցած իր անսահման հաւատքով: Իբրեւ երաշխիք իր հաւատաւոր ընթացքին, հայը ուր որ ալ գտնուած է, Հայրենի հողերուն վրայ թէ օտար երկինքներու տակ, եկեղեցի ու վարժարան է կառուցած եւ անոնցմով ինքզինք ամրապնդած, սերունդներ կորուստէ փրկած եւ իր հայրենի հողը զօրացուցած: Խորքայինը արժեւորումներ կատարելով եւ խորաթափանց հայեաց մը նետելով ժամանակի պահանջներուն, երիտասարդութեան եւ վերանորոգութեան հաւատացող, արդիականութեան հետ քայլ պահող, բայց զայն հոգեւոր ու հայկական արժէքներուն պատշաճեցնող, քրիստոսաւանդ սրբազան պատգամերուն հաւատարմօրէն կառչած ու հայակերտումի մեծ առաքելութեան է լծուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը, որ հաստատաքայլ կը թեւակոխէ ընդլայնումի, թիւի զգալի աճի, ծրագրաւորումի ու առաքելութեան վերանորոգութեան նոր ու պատմական հանգրուան մը։
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան առանցքը կը մնայ Թեմի հաւատաւոր մեր զաւակները, որոնց թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ դաստիարակչական, թէ՛ կրթական ու մշակութային կարիքները բաւարարելու կողքին յանձնառու կ՛ըլլայ անմիջական ապագային շինարարական բազմաթիւ աշխատանքներ ձեռնարկել, որոնք պիտի իրականան Ամենակալին աջակցութեամբ եւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ․ Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, որ լծուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման նուիրական աշխատանքին, Թեմի հոգեւորականաց, թեմական խորհուրդի եւ պատկան մարմիններու հետ համատեղուած աշխատանքով։
- Նախորդող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմին կողմէ արդէն իրականացած շինարարական բազմաթիւ ծրագիրներուն զուգահեռ, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Առաջնորդարանէն ներս հաստատուեցան նոր բաժանմունքներ, որոնք հովուական, վարչական, ազգային, մշակութային, միջ-եկեղեցական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական, լրատուական եւ զանազան այլ մակարդակներու վրայ ընդարձակեցին Առաջնորդարանի գործունէութիւնը։ Հետեւաբար, Արեւմտեան Թեմի շինարարութիւններու շարքին եզակի ու անյետաձգելի նախաձեռնութիւն մըն է Առաջնորդարանը ընդարձակել երկրորդ եւ երրորդ յարկերով, որ հնարաւորութիւն պիտի ընծայէ առաւել եւս ընդարձակելու Առաջնորդարանի քրիստոնէական ու հայապահպանութեան զոյգ առաքելութիւնները։ Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն, նոր հունաւորում ստացան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, հայագիտական նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները, Առաջնորդարանէն ներս հոգեւորականաց հանդիպումները, երիտասարդական համախմբումները եւ Առաջնորդարանի հաստատած սերտ յարաբերութիւնները ծուխերուն հետ։ Նշեալ եւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներ կարիքն ունին Առաջնորդարանի մասնաշէնքի երկրորդ եւ երրորդ յարկերու կառուցման։
Առաջնորդարանի վերոնշեալ բաժանմունքներու շարքին անցնող տարի դարձեալ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եկաւ աւելնալու նորարարական (Institutional Innovation) երկարաժամկէտ ծրագիրներու բաժանմունքի հաստատումը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ վերակազմաւորել, կենսունակ պահել ու ժամանակակից դարձնել Թեմը: Գոհունակութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս Առաջնորդարանին հովանաւորած ընդարձակածաւալ հովուական առաքելութիւնը եւ Առաջնորդարանէն ներս յառաջ տարուղ լայնածաւալ ծառայութիւնները նոր թափ ու որակ ստացան անցնող տարիներու ընթացքին։
- Առաջնորդարանի մասնաշէնքի երկրորդ եւ երրորդ յարկերու կառուցումէն բացի, Թեմական մակարդակով յառաջ պիտի տարուին շինարարական հսկայական այլ ծրագրեր, ինչպէս Կլէնտըլի նոր հրաշակերտ համալիրը, իր եկեղեցիով, բացօդեայ խորանով, դպրոցով ու մարզական սրահով ու յարակից շէնքերով։
- Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ վերջերս իր աւարտին հասաւ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից «Արիս Իսթանպուլեան» սրահի կառուցումը իր բոլոր սարքաւորումներով։ Սրահին հետ համատեղուեցաւ նաեւ շինարարական այլ ծրագրեր, ինչպիսիք են Մեղրիկեան մշակութային շէնքը եւ Պասենեան համալիրը։
- Ապագայ շինարարական ծրագիրներուն մաս կը կազմեն շարք մը կառուցապատումներ, որոնց շարքին՝
-Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ ամբողջական տարածքի շինարարութիւնը,
-Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կից սրահի շինարարութիւնը,
-Արիզոնայի տարեցներու բնակարանային ծրագիրը,
-Սան Տիէկոյի նոր սրահի շինարարութեան ծրագիրը,
-Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից բացօդեայ սրահի շինարարութեան ծրագիրը, որն արդէն իրականացած է,
-Լաս Վէկասի Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից դպրոցի շինութեան ծրագիրը, եւ վերջապէս, որպէս իւրայատուկ ծրագիր,
-Թեմէն ներս վանական համալիրի շինութեան նախաձեռնութիւնը, որը տակաւին խմորման ընթացքի մէջ է:
Նշեալ բոլոր կառոյցները պիտի հետամտին եկեղեցական ու ազգանուէր նպատակներու համար:
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ․ Արք. Տէրտէրեան, Թեմի հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը եւ նուիրեալ ու պարեպաշտ հաւատացեալները հաւաքական նուիրումով, անձնուրացութեամբ ու բծախնդիր ծրագրաւորումով նոր սլացք կու տան վերակազմակերպումի գաղափարին ու ձգտումին՝ իբրեւ սիրոյ ճառագայթում, վասն Աստուծոյ եւ ազգային մեր արժէքներու պահպանութեան:
Դիւան Առաջնորդարանի