Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Նաւթամթերքի Վերամշակման Գործարան Կը Կառուցուի

Հայաստանի Մէջ Նաւթամթերքի Վերամշակման Գործարան Կը Կառուցուի

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան այցելած է Արարատի մարզին մէջ կառուցուող նաւթամթերքի վերամշակման գործարան։

Նախագիծի իրականացման համար կատարուող ամբողջական ներդրումը պիտի կազմէ շուրջ 20 միլիոն տոլար։ Գործարանը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի մէջ իրականացնելու նաւթամթերքի շարք մը տեսակներու վերջնական տեղական արտադրութիւն՝ ապահովելով աւելի քան 100 աշխատատեղ եւ նախագիծի կայացման ամբողջ գործընթացին մէջ ներգրաւելով տարբեր ոլորտներու շուրջ 400 մասնագէտներ։

Ներդրումային ծրագրով փուլային եղանակով կը նախատեսուի կառուցել նաւթամթերքի եւ բիտումի պահեստարաններ, բիտումի արտադրամաս, ածխաջրածիններու վերամշակման կայան, կազմակերպել նաւթամթերքի տարբեր տեսակներու տեղական արտադրութիւն։

Յատկանշական է, որ բիտումի արտադրութեան ծաւալներու ամբողջական իրացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ ապահովելու այդ արտադրանքի ոչ միայն հայաստանեան, այլեւ տարածաշրջանային պահանջարկը։

«Սիլ Կապիտալ» ընկերութեան հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ Էտուարտ Սուքիասեանի ուղեկցութեամբ նախարարը շրջած է գործարանի տարածքին, ծանօթացած է ընթացիկ եւ նախատեսուող աշխատանքներուն։

«Մեր քաղաքականութեան ամենակարեւոր հարցերից մէկը տնտեսապէս աւելի շատ բարդ արտադրանք ստանալն է, այսինքն՝ պարզ հումքային արտադրութիւնից անցում կատարել դէպի վերջնական ապրանքների արտադրութիւն։ Այս ծիրին մէջ գործարանը եւս այս քաղաքականութեան կրողն է, որովհետեւ կիսաֆաբրիկատները, ըստ էութեան, վերջնական արտադրանքի են վերածուելու, ինչը շատ կարեւոր է»,֊ ամփոփելով շրջայցի արդիւնքները` նշած է Գէորգ Պապոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment