Դերասաններ Կարէն Գարակիւլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ «Անորա» ֆիլմը արժանացաւ 5 «օսքար»-ի, ընդ որում, լաւագոյն ֆիլմ անուանակարգին մէջ։
Ամերիկացի ֆիլմի բեմադրիչ Շոն Պէյքըրի ֆիլմը, որ կը պատմէ ռուս օլիկարխի որդիին հետ ամուսնացած պարուհիի մասին, արժանացած էր Քաննի 77-րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնի «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակին:
«Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին մէջ առաջադրուած էին նաեւ՝
- «Պրութալիսթը»
• «Ընդհանուր անյայտ»
• «Քոնքլավ»
• «Տիւնայ. Երկրորդ մաս»
• «էմիլիա Փերեզ»
• «ես դեռ այստեղ եմ»
• «Նիկելի տղաներ»
• «Սուպսթանցիա»
• «Չարը»: