Փետրուար 25-ին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թյուրքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդու իրաւունքներու միջազգային համակարգի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, տարածաշրջանային զարգացումները եւ Հայաստանի ու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ փոխգործակցութեան հարցեր։
ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ վերջինիս տարբեր բաղադրիչներու նկատմամբ Հայաստանի մօտեցումներն ու ներկայացուած կառուցողական առաջարկները։
Ամբողջական կարգաւորման ծիրին մէջ նախարար Միրզոյեան նշած է մարդասիրական բնոյթի հարցերու, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառուած քաղաքացիական անձերու ազատ արձակման խնդիրի հասցէագրման կարեւորութիւնը։
Հաշտեցման ջանքերը այռաջ մղելու առումով ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն հաւաքագրելու նպատակով Բարձր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ նախորդ տարի Հայաստան գործուղուած երկու առաքելութիւններու արդիւնքները կրնան կարեւոր ներդրում ունենալ։
Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան եւ Վոլքեր Թյուրք միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին շուրջ։